Կարօ Փայլանի Հարցը՝ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարին
Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարց ուղղած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին։ Նախ յիշեցուցած է, որ նախախարը թրքական բանակը անուանած էր «Մուհամմէտ Մարգարէի օճախ» եւ «Իսլամի վերջին բանակ», ապա՝ հարցուցած.
«Միթէ՞ Թուրքիոյ բանակը իսլամական բանակ է։ Եթէ այո՛, ուրեմն ինչո՞ւ քրիստոնեաները, յուդայականները եւ այլ կրօն դաւանողները կը ծառայեն այդ բանակին»,- ըստ Ermenihaber.am-ի, հարց տուած է Փայլան:
Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը՝ ի պատասխան՝ մէջբերած է սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը՝ նշելով, որ սահմանադրութեան համաձայն Թուրքիոյ քաղաքացի հանդիսացող իւրաքանչիւր տղամարդ ենթական է զինուորական ծառայութեան՝ առանց կրօնադաւանական խտրականութեան։
Կարօ Փայլան բարձրաձայնած է նաեւ 2011 Ապրիլ 24-ին թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըի սպանութեան՝ ընդգծելով, որ յանցանքը կատարուած է ատելութեան քարոզի հետեւանքով: Հուլուսի Աքարը պատասխանած է, որ չկայ որեւէ տեղեկութիւն, վկայութիւն կամ զեկոյց, որմով կը հաստատուի այդ յանցանքին վերաբերեալ պնդումը։
