34 Սուրիահայ եւ Իրաքահայ Ուսանող Կրթաթոշակ Ստացած է Կլոր Սեղան Հիմնադրամէն
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական Կլոր սեղան բարեգործական հիմնադրամը (ՀԿՍ) «Հալէպ» հայրենակացական բարեսիրական կազմակերպութեան («Հալէպ» ՀԿ) հետ համագործակցութեամբ իրականացուող «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագրի ծիրէն ներս կրթաթոշակներ տրամադրեց Սուրիոյ եւ Իրաքի հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստան ապաստանած 34 ուսանողի: Այս մասին կը հաղորդէ “Արցախփրես”-ը։
Կրթաթոշակակիրները ընտրուած էին յստակ ժամկէտներով յայտարարուած բաց մրցոյթի միջոցով` գնահատելով անոնց ակադեմիական բարձր առաջադիմութիւնը, հասարակական աշխուժութիւնն ու անհերքելի ընկերային կարիքը:
Կրթաթոշակներու յանձնման առիթով ՀԿՍ հիմնադրամի գրասենեակին մէջ հիւրընկալուեցան կրթաթոշակ ստացած ուսանողներն ու ծրագրին աշխոյժօրէն ներգրաւուած երիտասարդները: Անոնք նախեւառաջ ճանաչողական շրջայց կատարեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ: Այցելեցին «Ռուբէն Սեւակ»ի անուան արուեստի թանգարան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գանձարան։
Երիտասարդներուն ողջունեցին ՀԿՍ գրասենեակի գործադիր տնօրէն` Կարէն Նազարեան եւ «Հալէպ» ՀԿ-ի գործադիր տնօրէն Սարգիս Բալխեան: Միջոցառմանը ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի արտաքին կապերու պատասխանատու Անահիտ Հայրապետեան եւ ՀԲԸՄ երեւանեան գրասենեակի Ֆինանսական պատասխանատու Լենա Պաղտասարեան:
2018-ի աշնան յայտարարուած մրցոյթին դիմած էր 57 հոգի, որոնց յայտները քննած է անկախ ընտրող յանձնաժողովը, որու կազմին մէջ էին ՀԿՍ հիմնադրամի, «Հալէպ» ՀԿ-ի եւ սուրիահայ ուսանողներու ներկայացուցիչներ: Իւրաքանչիւր յայտ դիտարկուած է մանրամասնօրէն` հաշուի առնելով դիմորդի առաջադիմութիւնը, համայնքային մասնակցութիւնը եւ ընկերա-տնտեսական կարիքը: Արդիւնքով ընտրուած է 14 ուսումնական հաստատութիւններ ներկայացնող 34 կրթաթոշակառու:
