GALLUP-ի Հարցուածներուն 68.3%-ը Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններուն Ձայնը Պիտի Տայ «Իմ Քայլը» Դաշինքին

Այլեւայլ, Հայաստան

«GALLUP International association»-ի իրականացուցած հարցումներուն համաձայն` ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն ընտրողներուն 68.3%-ի ձայներով պիտի յաղթէ «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Նոյեմբեր 23-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսած է «GALLUP International association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ Էմ Փի ՋԻ ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան:

«Հարցումներու մասնակիցներուն խնդրած ենք պատասխանել հարցումին, թէ Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համամասնական ընտրակարգով ո՞ր կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքին կը պատրաստուի տալու իրենց ձայնը: 68.3%-ը նշած է, որ «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքին, 6.7%-ը` «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան` 1.5%-ը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան` 1.2%-ը, իսկ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան»՝ 1 %-ը: Մնացած կուսակցութիւններն ու դաշինքները 1%-էն քիչ ձայներ ստացած են: Հարցուածներուն 12.7%-ը հրաժարած է պատասխանելէ, իսկ 6.7%-ը դժուարացած է պատասխանելու հարցումին»,- նշած է Նաւասարդեան:

Քաղաքացիներուն 70.9%-ը նշած է, որ հաստատ պիտի մասնակցի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

«70.9%-ը ըսած է, որ հաստատ պիտի մասնակցի: Աւելի շատ պիտի մասնակցի 15.5%-ը, աւելի շատ պիտի չմասնակցի 2.9%-ը, հաստատ պիտի մասնակցի 8.9%-ը: Մեր փորձէն ըսեմ, որ պէտք է հաշուի առնել այն մարդոց ցուցանիշը, որոնք կ՛ըսեն, որ հաստատ պիտի մասնակցին»,- ըսած է ան:

Հարցման երկրորդ փուլը «GALLUP International association»-ը կը պատրաստուի իրականացնել նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին` Դեկտեմբեր 1-էն 4:

Հետազօտութիւնը իրականացուած է դէմ առ դէմ հարցումներու մեթոտով: Հարցումներու քանակը`1111, հետազօտութեան ընտրանքային սխալը 3%: Հետազօտութեան իրականացման ժամանակահատուածը Նոյեմբեր 17-21: Իրականացման վայրը` Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2018-ի Դեկտեմբեր 9-ին: Քարոզչութեան ժամանակահատուածը Նոյեմբեր 26-էն Դեկտեմբեր 7-ն է: Ընտրական օրէնսգիրքով սահմանուած է 12 օր: