Մխիթար Հայրապետեանը Չի Բացառեր Սփիւռքի Նախարարութեան Վերակազմաւորումը

Հայաստան

Նախարարութեան գործունէութեան 6-ամսեայ աշխատանքը ամփոփելու ընթացքին Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան անդրադարձաւ իր ղեկավարած գերատեսչութեան պահպանման անհրաժեշտութեան, կը հաղորդէ “Երկիր”-ը։

Ան յիշեցուց, որ թէ’ վարչապետը, թէ’ փոխվարչապետները յայտարարած են գերատեսչութիւններու թիւի կրճատման մասին, եւ նշեց, որ դեռ վերջնական որոշում չկայ` որ գերատեսչութիւնները պիտի փակուին կամ այլ ձեւ պիտի ստանան:

Հայրապետեանի խօսքով` իր աշխատանքի 6 ամիսներու ընթացքին տպաւորութիւն ստացած է, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը ի սկզբանէ ստեղծուած ու կրած է խորհրդանշական բնոյթ: «Տպաւորութիւն ունիմ, որ այս գերատեսչութիւնը իր առջեւ չէ դրած ամենահաւակնոտ խնդիրները: Պետութեան կողմէ այդ գերատեսչութեան առջեւ անլուծելի խնդիրներ չեն դրուած: Այս իմաստով իմ կարծիքը հետեւեալն է` եթէ նախարարութիւնը պէտք է ըլլայ բացառապէս խորհրդանշական բնոյթի, Սփիւռքի աչքերուն փոշի փչելու  եւ որոշակ ակնկալիքներ ու կարիքներ հոգալու համար, ապա պարտադիր չէ, որ առանձին նախարարութեան տեսքով ըլլայ: Բայց ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կնայ իրեն թոյլ տալ ունենալ Սփիւռքի ուժեղ նախարարութիւն: Ինչ որոշում ալ կայացնէ նոր կառավարութիւնը, ես վստահ եմ, որ անիկա նպատակ ունի աւելի արդիւնաւէտ աշխատանք կազմակերպելուն»,- ըսած է Հայրապետեան:

Ան չբացառեց, որ նոր կառավարութեան կազմին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ վերակազմաւորուիլ որպէս որեւէ նախարարութեան առանձին կոմիտէ կամ գործակալութիւն: