ՀՀ ԱԺ-ն Ընդունեց 2019-ի Պետական Պիւտճէին Նախագիծը

Հայաստան

ՀՀ ազգային ժողովը ընդունեց յաջորդ տարուան պետական պիւտճէին մասին նախագիծը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախագիծին կողմ քուէարկեց 66 պատգամաւոր, դէմ` 4, ձեռնպահ` 2: Դէմ քուէարկողներուն մէջ էին ՀՀԿ պատգամաւորներ Էդուարդ Շարմազանովը, Արփինէ Յովհաննիսեանն ու Արմէն Աշոտեանը, որոնք մինչեւ քուէարկութիւնը յայտարարած էին իրենց դէմ քուէարկելուն մասին:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ ՀՀԿ-ն յայտարարած է կողմ է քուէարկելու մասին, ես դէմ պիտի քուէարկեմ: Ասիկա չգործող պիւտճէ է, եւ ես դէմ պիտի քուէարկեմ նախագիծին»,- յայտարարեց Էդուարդ Շարմազանով: Սակայն ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան ըսաւ, որ իրենց դիրքորոշումը չէ փոխուած,  բայց որոշ պատգամաւորներ ազատ են քուէարկութեան հարցով:

«Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան նշեց, որ անհաւասարութեան մթնոլորտը դրսեւորուած է նախորդ տարիներու պիւտճէներուն նախագիծերով: «Մեր խմբակցութիւնը իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ գործող կառավարութեան կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացման համար»,- նշեց ան:

ԱԺ հերթական նիստերուն ՀՀԿ, ՀՅԴ եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ կողմ պիտի քուէարկեն պիւտճէի նախագիծին: ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան պիւտէի նախագիծը բնորոշած էր իբրեւ չգործող: Անոր հաւաստիացումով` պիւտճէի քաղաքականութեան հիմքը աշխատանքի խրախուսման քաղաքականութիւնն է: