Հայկական Դրամը 25 Տարեկան է

Այլեւայլ, Հայաստան

1993 Նոյեմբեր 22-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ներդրուեցաւ ազգային արժոյթը՝ դրամը, որմով դադրեցաւ խորհրդային եւ ռուսական դրամանիշերու շրջանառութիւնը։ Այդպիսով հիմք դրուեցաւ Հայաստանի հիմնական ելեւմտական կառոյցներուն, ինչպէս՝ դրամատնային համակարգին։

Քառորդ դար առաջ ներդրուեցան 10, 25, 50, 100 եւ 200 դրամ անուանական արժէքներով թղթադրամներ, իսկ մէկ տարի անց՝ 1994-ին՝ 10, 20, 50 լումայ եւ 1, 3, 5, 10 դրամ անուանական արժէքներով մետաղադրամները։ Առաջին թղթադրամներէն 5 տարի անց՝ շրջանառութեան մէջ դրուեցան 1000 դրամ եւ 5000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամները։ Ի դէպ, հայկական թղթադրամները կարելի է դասել աշխարհի մէջ ամենաորակեալներու եւ  ամենապաշտպանուածներու շարքին։ Հայաստանի մէջ պետական դրամատպարանի եւ դրամահատարանի բացակայութեան պատճառով՝ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան կողմէ թողարկուած շրջանառու թղթադրամներն ու մետաղադրամները կը պատրաստուին արտերկրի մէջ։ ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը համագործակցած է շարք մը հեղինակաւոր ընկերութիւններու եւ դրամահատարաններու հետ։

Armenpress.am