Համազգայինի 90-ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւն
Շաբաթ՝ 24 Նոյեմբեր 2018-ին, ժամը 19։00-ին, Աթէնքի քաղաքապետարանի «Աննա եւ Մարիա Քալութա» հանդիսասրահին մէջ (Άγιος Σώστης) տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն։
Պիտի նախագահէ ընկ. Արշալոյս Սափրիչեան։ Օրուան բանախօսն է ընկ. Կիրակոս Մկրտիչեան։
Տօնակատարութեան ընթացքին պիտի հրամցուին ազգային-ժողովրդային երգեր, ելոյթ պիտի ունենայ Ֆրանսայէն յատկապէս հրաւիրուած սոփրանօ Ռոզին Թաշճեան,
դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Կարինէ Պետրոսեանի։
Իրենց մասնակցութեամբ հանդիսութիւնը պիտի ճոխացնեն նաեւ Համազգայինի «Նայիրի», «Նանոր», «Մարալօ» պարախումբները։
Տօնակատարութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի տեսանիւթ, այնուհետեւ պիտի պարգեւատրուին վաստակաւոր համազգայնականներ։
Փակման խօսքը պիտի ներկայացնէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան։
Լիայոյս ենք, որ ձեր ներկայութեամբ առաւել պանծալի պիտի դարձնէք այս ուրախալի օրը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
