«Թող Լո՛յս Ըլլայ…»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը կը սկսի սեղմ նկարագրականով մը. կը պատմէ, որ Աստուած սկիզբէն ստեղծեց երկինքն ու երկիրը. վերջինը մութ ու անձեւ բան մըն էր. Աստուած ըսաւ. «Թող լո՛յս ըլլայ», եւ լոյս եղաւ. լոյսին յաջորդեցին արարչագործութեան միւս հանգրուանները, որոնք լեցուցին երկինքն ու երկիրը, նաեւ ծովերը, եւ թագադրուեցան մարդուն ստեղծումով։

Արարչագործութենէն ետք, իրերայաջորդ դարերու, աշխարհի ու մարդու պատմութիւնը անցաւ մութ ու լոյս աշխարհներէ. ամէն անգամ, որ խաւարը կը դառնար տիրապետող, ի յայտ կու գային մարդիկ ու սերունդներ, որոնք կ՛արձագանգէին Արարիչին լուսաբաշխ հրամանին եւ կ՛ըսէին. «Թող լո՛յս ըլլայ», եւ ահա, միտքերուն ու ժողովուրդներուն տիրապետող խաւարը կը փարատէր, գիտութեան ու մշակոյթի լոյսը բարիք կը տարածէր մարդոց կեանքին մէջ, ծլարձակում ու կենսունակութիւն կը պարգեւէր Աստուծոյ ստեղծագործութիւններէն ամէնէն կատարեալին՝ մարդուն։

 

***

 

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լաւագոյն օրինակն է մարդկութեան կտրած լոյս ու մութ դարաշրջաններուն։ Հայկ Նահապետի օրերէն սկսեալ ու դարեր շարունակ, Հայը ենթակայ եղաւ իր կեանքը մթագնող դէպքերու եւ իրադարձութեանց, սակայն մի՛շտ ալ եղան հերոսներ ու առաջնորդող սերունդներ, որոնք գոչեցին՝ «Թող լո՛յս ըլլայ», եւ մթագնած երկնակամարը ողողեցին հայութիւնը դէպի յաւերժութիւն տանող լոյսով։

Նորագոյն ժամանակներուն, մեր հաւաքական կեանքը մթագնող ահաւոր հարուածը եղաւ Ցեղասպանութիւնը։ Հայ միտքի տիտանները անապատ ու բանտեր քշուեցան, ջարդուեցան կամ կորսուեցան անգերեզման։ Հայուն միտքը լուսաւորող ջահերը մարեցան, զանգուածներ բռնի գաղթի հանուեցան ու փոքրամասնութիւն մը մազապուրծ փրկուեցաւ Ցեղասպանութեան սեւ արհաւիրքներէն։ Ցեղասպանութիւնը խաւարի մատնեց հայուն կեանքը, գլխատեց այն դասը, որ նախորդ տասնամեակներուն լոյս կը տարածէր Հայաստանի եւ մայր հայրենիքէն դուրս ծաղկող օճախներուն մէջ։ Հայրենի հողերուն մեծ մասէն բռնի հեռացուած ու փրկուած հայերու կեանքը մատնուեցաւ խաւարի։

Նոյն ճակատագիրը վիճակուեցաւ նաեւ մեր ազգային եկեղեցւոյ ու անոր լուսատու սպասարկուներուն, որոնք դարեր շարունակ եղած էին մեր մշակոյթի, հետեւաբար հայուն գոյատեւման գլխաւոր պահապանները, յաճախ փոխարինելով պետականութիւնը, երբ խաւարի ճիրանները կը ճմլէին աշխարհիկ իշխանական դասը, մարելով անոր ջահերը։ Բռնագաղթի ու խաւարի մատնուեցան Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մեր տաճարները, տժգունեցան ու մարեցան անոնց յարկերէն լոյս տարածող ջահերը…

 

***

1124lettherebelight

«Թող լո՛յս ըլլայ» բացագանչող հայը չէր կրնար միանգամընդմիշտ անէանալ, եւ չկորսուեցաւ ի սպառ։ Եթէ Հայաստանի պատմական հողերէն մէկ փոքր տարածքին վրայ մոխիրներէ ծնունդ առած պետականութիւնը՝ հանրապետութիւնը, եղաւ հայուն լուսատու ջահին խարիսխը՝ արեւելեան կողմն աշխարհի, սփիւռքացած հայ զանգուածները ունեցան արեւմտեան կողմն աշխարհի լուսաւորող ջահակիրներ։ Սիսի կաթողիկոսական պատմական աթոռը, իր բնօրրանէն հեռացուելէ տասնամեակ մը ետք, փիւնիկացաւ Փիւնիկի երկիրին մէջ, ապաստան գտաւ Լիբանանի Անթիլիաս աւանին մէջ, դարձաւ հայրենի հողերու պատմական վանքերուն ու գիտութեան օճախներուն մէջ հասակ առած սերունդներուն վերահաւաքումի ժամադրավայրը։ Իրերայաջորդ կաթողիկոսներ ու մտաւորական հոգեւորականներ գոչեցին. «Թող լո՛յս ըլլայ», եւ կացինահար տապալած ծառը վերածաղկեցաւ ու իր սաղարթները տարածեց մայր հայրենիքէն հեռու, մայր հայրենիքի՛ վերածելով իր ծաղկումի վայրերը։ Անթիլիասը եղաւ վանք, Նահատակաց յուշակոթող, Ցեղասպանութեան դիմաց պահանջատիրական յուշարձան, մատենադարան ու թանգարան, նաեւ՝ եղաւ տպարան, եղաւ ուսուցչանոց ու դարբնոց Հայ Մշակոյթի, Սիսէն Լիբանան փոխադրուած ջահը վերստին արծարծելով ու հրահրելով տասնամեակներ շարունակ, հասցնելու մեր օրերուն։

Բարեբախտաբար Անթիլիասը միայնակ ծաղիկ չմնաց անապատացած հայ կեանքին մէջ, սակայն ստեղծեց իր ուրոյն տեղը մեր կեանքին մէջ, դառնալով նաեւ մեր արդար Դատին պահանջատէր մէկ ձայնը։ Եթէ Անթիլիասը իբրեւ լծակից ունեցաւ մեր քաղաքական ու մշակութային միաւորները, անոր տապալած ու մահուան դատապարտուած ծառը մերժեց չորնալ, այլ ընդհակառակը, ի՛ր վերածաղկումը ապրեցաւ շնորհիւ իր հովանին վայելող թեմերուն։

Անթիլիասը կարելի է նմանցնել այն մոմին, որ որոշ տօներու կը վառուի մեր եկեղեցւոյ մէջ եւ անկէ ճրագ մը վառողը հայութեան լոյսը կը տանի իր տունը, բազմաթիւ մոմեր կը վառէ սեփական յարկին տակ։ Նոյնպէս ալ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ ամերիկեան ափեր, Անթիլիասի մոմէն վառուած ճրագներ այսօր կը լուսաւորեն մեր թեմերը, դարձած են հայրենիքի հողէն հեռու հայրենիք, եկեղեցիներու կողքին բարձրացած են դպրոցներ՝ իբրեւ երկարաձգումը նոյն հայրենի հողին ու հայութիւն տարածող մթնոլորտին։

60 տարի առաջ, Անթիլիասէն Հիւսիսային Ամերիկա հասած ջահը յաջորդ տասնամեակներուն նոր առկայծումներ ապրեցաւ արեւմտեան շրջանին ու Գանատայի մէջ, արձագանգ ըլլալով Սահակ Կաթողիկոսի ու սերնդակիցներուն «Թող լո՛յս ըլլայ» կոչին։ Եւ այսօր, վերածաղկած ծառին իւրաքանչիւր ճիւղն ու տերեւը դարձած են մէկական լուսատու մոմ։

Խաւարը ընդհանրապէս փարատած է, սակայն բոլորս ալ իրազեկ ենք այն տեսանելի ու անտեսանելի մարտահրաւէրներուն, որոնք կը սպառնան նշոյլի կամ մթանգնումի մատնել բոցավառող ջահերը։ Անոնց յաղթահարումը բոլորս կը հարկադրէ միանալ «Թող լո՛յս ըլլայ» մարտահրաւէրին։