Այսօր Տեղի Պիտի Ունենայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 21-րդ Ամենամեայ Թելեթոնը

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր` Նոյեմբեր 22-ին, ԱՄՆ Լոս Անճելըս քաղաքէն ուղիղ հեռարձակումով տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 21-րդ ամենամեայ թելեթոնը:

Թելեթոնին մասնակցելու համար, ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, Միացեալ նահանգներ կը գտնուի Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նախագահ Սահակեան մինչ այդ եղած է նաեւ Փարիզ եւ անցեալ քանի մը օրերուն բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է սփիւռքահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանգանակուած միջոցները, ինչպէս միշտ, պիտի տրամադրուին թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Արցախին: Մասնաւորապէս` «Հեռուստամարաթոն–2018»-ի միջոցներով պիտի շարունակուին Արցախի մէջ իրագործուող երկու կարեւոր ծրագիրները, որոնք սկսած էին նախորդ տարի` «Բերքառատ Արցախ» խորագիրով հեռուստամարաթոնի միջոցներով:

Առաջինը արցախեան գիւղատնտեսութեան համար կենսական նշանակութեան խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի կառուցման ծրագիրն է: Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններու մօտ 200 հա տարածք ոռոգելի պիտի դառնայ, ոռոգման ջուրը պիտի հասնի արցախցիներու ցորենի դաշտերը, պտղատու այգիները: 13 խորքային հոր արդէն փորուած է: Կ՛ընթանան հորատանցքերու վրայ ջրմուղ կայաններու կառուցման աշխատանքներ:

Հեռուստամարաթոնի երկրորդ ուղղութիւնը Արցախի մէջ արեւային վահանակներու տեղադրումն է: Ծրագիրը սկսած է Շուշիի շրջանէն: Առաջինը Քարին տակ համայնքն էր, ուր արդէն 50 բնակարաններու մէջ կ՛օգտագործեն այլընտրանքային ուժանիւթ: 2019ին արեւային ուժանիթէն պիտի օգտուին նաեւ Ասկերանի շրջանի համայնքները:

Ի դէպ, պրազիլահայութիւնը «Հեռախօսամարաթոն-2018»-ի ընթացքին հաւաքած է 30 000 տոլար: Դրամահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար:

Իսկ Նոյեմբեր 14-էն18 ընկած Եւրոպայի հայութիւնը հանգանակեց ընդհանուր առմամբ 1 մլն 242 հազար 460 եւրօ:

Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթին հանգանակուեցաւ 1.302.500 գանատական տոլար։

Համահայկական հիմնադրամի «Հեռախօսամարաթոն-2018»-ի գումարները պիտի ուղղուին Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի ներդրման, Տաւուշի մարզի գիւղատնտեսական ծրագիրներու զարգացման, նաեւ Հալէպի հայերու կարիքներուն:

Նշենք, որ ամենամեայ թելեթոնին կրնայ մասնակցիլ իւրաքանչիւր ոք: Նուիրատուութիւն կարելի է կատարել` այցելելով https://donate.himnadram.org կայք` օնլայն փոխանցումով, ուղարկելով sms 8000 համարին (մէկ sms-ի արժէքը` 1000 դր․) կամ զանգահարելով 0-9000-8000 հեռախօսահամարին (մէկ զանգի արժէքը` 1000 դր․):