ՀՀ Նախագահը Հայաստանի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Լաւ Նախադրեալ կը Համարէ Երկրի Տնտեսական եւ Դրամատնային Համակարգի Կայունութիւնը
Այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ լյայտարարուած է եւ կ՝իրականացուի կաշառակերութեան դէմ պայքար, աշխարհի մէջ աննկատ չ՝անցնիր: Ըստ Armenpress.am-ի՝ գործարարներու հետ հանդիպման ընթացքին նման կարծիք յայտնեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: «Այդ պայքարը աննկատ չի մնար ե՛ւ ԱՄՆ-ի մէջ, ե՛ւ Ռուսիոյ ե՛ւ Եւրոպայի: Ասիկա շատ դրական երեւոյթ է: Խօսքը ոչ միայն կաշառակերութեան դէմ պայքարի, այլ ընդհանրապէս դատաիրաւական համակարգը բարելաւելու քայլերուն մասին է: Մենք կ՝ուզենք ունենալ այն դատարանը, որուն մասին մենք կ՝երազենք, որովհետեւ չի կրնար գործարարութիւնը զարգանալ, երկրին մէջ ներդրումներ չեն կրնար ըլլալ, եթէ մարդիկ դատարաններուն չեն վստահիր: Եթէ ուշադիր ըլլանք աշխարհի մէջ ամենամեծ ներդրումային ծաւալներ ունեցող երկիրները ունին լաւագոյն դատաիրաւական համակարգը»,- ըսաւ ՀՀ նախագահը՝ ընդգծելով, որ շատ կը փափաքէր, որ Հայաստանի մէջ զարգանար նաեւ իրաւարարութեան դատարանի մշակոյթը:
ՀՀ նախագահը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, աշխատանք սկսելու համար լաւ նախադրեալ կը համարէ երկրի դրամատնային եւ տնտեսական համակարգին կայունութիւնը: «Ես ամէն առիթով կ՝ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն եղաւ, բայց մեր դրամն ու դրամատնային համակարգը անփոփոխ մնացին: Ասիկա հսկայական առաւելութիւն է մարդոց գիտակցութեան մէջ, որ Հայաստանը կայուն տնտեսական համակարգ ունի, եւ, եթէ Հայաստանի մէջ արժոյթը եւ դրամատնային համակարգը թատերական փոփոխութիւններու ընթացքին կայուն կը մնան, հետեւաբար կարելի է երկրին վստահիլ»,- ընդգծեց ՀՀ նախագահը:
Արմէն Սարգսեան կարծիք յայտնեց, որ այս տարուան ապրիլեան դէպքերը Հայաստանը բարձրացուցին ամենաբարձր մակարդակի, որովհետեւ այսօրուան անկայուն աշխարհին մէջ մարդկային, գեղեցիկ ձեւով տեղի ունեցող գործընթացները կը դառնան արժէքաւոր: «Հայաստանը այսօր որեւէ իմաստով իւրօրինակ, իւրայատուկ երկիր է, ուր տեղի ունեցած է մեծ փոփոխութիւն, պատմական փոփոխութիւն, տեղի ունեցած է յեղափոխութիւն, բայց՝ շատ պարզ եւ մարդկային ձեւով: Եւ մենք որեւէ իմաստով իւրօրինակ ենք, որովհետեւ անկայուն աշխարհի մէջ կայ մէկ տեղ, ուր իր ձեւով յեղափոխութիւն կատարուած է: Այսինքն, ասիկա ամենաբարձր մակարդակն է գործարար շրջանակներու մէջ մարդոց գիտակցութեան մէջ, որ Հայաստանը տարբեր է, իւրօրինակ է, հետեւաբար Հայաստանի նկատմամբ վերաբերմունքը տարբեր է»,- ընդգծեց Արմէն Սարգսեան:
ՀՀ նախագահը մեր երկրի դիմագիծին համար դրական համարեց ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի բարձր մակարդակով իրականացումը Երեւանի մէջ: Արմէն Սարգսեան այդ ձեռնարկը բարձր մակարդակով իրականացնելու համար շնորհակալութիւն յայտնեց գագաթնաժողովը Հայաստանի մէջ իրականացնելու համար աշխատանքներ տարած դիւանագէտներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան՝ ձեռնարկը փայլուն կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար: Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ հրամանագրեր ստորագրած է Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ իրականացնելու գործին մէջ ներդրում ունեցած խումբ մը անհատներ պարգեւատրելու մասին:
