Դաւիթ Տօնոյեան Աֆղանիստանի Մէջ Այցելած է Հայ Խաղաղապահներու Ծառայութեան Վայրերը

Հայաստան

Նոյեմբեր 21-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան հայկական զօրախումբի հրամանատարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց ռազմակայանին մէջ հայ խաղաղապահներու ծառայութեան ու մարտական հերթապահութեան վայրերը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ան, մասնաւորապէս, գրած է.

«Դաւիթ Տօնոյեան ծանօթացաւ առանձին հերթապահութեան իւրայատկութիւններուն:

Ապա Տօնոյեանը այցելեց ռազակայանի հիւանդանոց, ուր ծառայութիւն կ՛իրականացնէ նաեւ հայ զինուորական բժիշկը:

Վերջաւորւթեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպում ունեցաւ ողջ անձնակազմին հետ: Հանդիպման ընթացքին անձնակազմին ներկայացուց Հայաստանիմէջ ընթացող քաղաքական գործընթացները, Զինուած Ուժերու բարեփոխումներու կարեւոր կէտերը: Քննարկուեցաւ բարեփոխումներուն մէջ միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս նման առաքելութիւններու նշանակութիւնը: Զինծառայողները բարձրացուցին տարբեր հարցեր, որոնց անդրադարձաւ Դաւիթ Տօնոյեան:

 Հանդիպման աւարտին նախարարի պաշտօնակատարը իր եւ երկրի ղեկավարութեան անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց հայ խաղաղապահներուն բարձր որակի ծառայութեան համար: