ՀՅ Դաշնակցութեան Համամասնական Ցանկը Հաստատուած Է

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հաստատեց ՀՅԴ համամասնական ցանկը: Առաջին եռեակին մէջ են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան եւ  գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեան:

Համամասնական ցանկին մէջ ընդգրկուած են 152 անձեր, որոնցմէ 22ը անկուսակցական են:

Ստորեւ՝ ցուցակի առաջին տասնեակը.

  1. Ռուստամեան Արմէն Եզնակի, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար
  2. Համբարձումեան Արսէն Խաչիկի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ
  3. Խաչատրեան Արթուր Լեւոնի, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար
  4. Կիւրեղեան Արմենուհի Ստեփանի, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր
  5. Սէյրանեան Սպարտակ Արմենակի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր
  6. Մինասեան Արծուիկ Գարեգինի, տնտեսութեան նախկին նախարար
  7. Պետրոսեան Նունէ Աշոտի, ՀՀ ԱՍՀՆ ՀՀ ԲՍՓԳ մանկ. մասն. յանձնաժողովի նախագահ
  8. Սաղաթելեան Իշխան Վաչիկի, Գեղարքունիքի նախկին մարտզպետ, «Իմեգա Սերվիզ» ՍՊԸի հիմնադիր
  9. Սիմոնեան Աշոտ Ժորայի, Արագածոտնի նախկին մարզպետ
  10. Մանուկեան Սուրէն Սերժիկի, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր։

Ցանկը ամբողջութեամբ կարելի է տեսնել՝ այցելելով http://www.yerkir.am/news/view/160318.html կայքէջը։

Նշենք, որ 14 Նոյեմբերին, Դաշնակցութեան ընտրական ցանկը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յանձնեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Վահագն Մատինեան:

Ան նաեւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

Ըստ Մատինեանի՝ Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններէն ետք պիտի չգործէ իշխանութեան դաշտին մէջ, իսկ համախոհական կառավարութիւն կազմելու յուշագիր կնքելու մտադիր չէ:

«Ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը միշտ կը ձեւաւորուին ընտրութիւններէն ետք, բայց այժմ, քանի որ իշխանութիւն չենք, տրամաբանական է, որ այդ դաշտին մէջ պիտի չգործենքւ: Որ պարագաներու մէջ որ կնքուած է յուշագիր, ամէն պարագայի ունեցած է իր բացատրութիւնը: Այս անգամ չեմ ուզեր շտապել, բայց կը կարծեմ, որ նման բան պիտի չըլլայ, քանի որ արդէն յայտարարած ենք, որ այլեւս, եթէ չկայ Դաշնակցութեան կարիքը Ազգային Ժողովի մեծամասնութիւն կազմելու, այդ պարագային համախահական յուշագիր կնքելը կը դառնայ անիմաստ»,- ընդգծեց Վահագն Մատինեան: