Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած է

Հայաստան, Սփիւռք

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 14-ին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Ֆրանսայի տեղական կառոյցի ղեկավարներուն հետ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

Քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:

Երկրի ղեկավարը պահանջուած եւ օգտակար համարած է նման հանդիպումները` երախտագիտութիւն յայտնելով կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն Արցախի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունքի համար:

Բակօ Սահակեան նոյն օրը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անդամներու հետ: Քննարկուած են Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր հարցեր:

Նախագահը նշած է, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը` շնորհակալութիւն յայտնելով շրջանակի անդամներուն երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման ու ընդլայնման ուղղուած ջանքերուն համար:

Սահակեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի հետ:

Ան շնորհաւորած է Յասմիկ Տոլմաջեանը պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու առիթով՝ անոր մաղթել արդիւնաւէտ աշխատանք:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախ-Ֆրանսա կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար Արցախի եւ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւններու սերտ փոխգործակցութիւնը` զայն համարելով նախանշուած ծրագիրներու յաջող իրականացման անհրաժեշտ պայման: