Արցախի Արտադրած Հարուածային Անօդաչու Սարքերը Մաս Կը Կազմեն Բանակի Սպառազինութեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մէջ արտադրուող հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը ներառնուած են արդէն Հայոց բանակի սպառազինութեան մէջ, կը հաղսրդէ “Արմենփրես”-ը:

Նոյեմբեր 12-ին, պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին տեղեկացուց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Ներառուած են այնքանով, որքանով վտանգ կը ներկայացնեն հակառակորդին համար», բացատրեց Դաւիթ Տօնոյեան:

Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց նաեւ, որ բազմաթիւ նոր տեսակի ռազմական սարքեր ստեղծուած են տեղական ռազմարդիւնաբերութեան կողմէ:

«Անոնք արտադրութեան փուլի մէջ են: Ատիկա կը վերաբերի նոր արհեստագիտութեամբ նոր զինատեսակներուն»,- յայտնեց Տօնոյեան: