Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ Աշխատանք Փնտռող Սուրաիահայերուն Համար

Հայաստան

Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը, IRIS ծրագրի տնտեսական հնարաւորութիւններու եւ տնտեսական զարգացման բաղադրիչի ծիրէն ներս, կը յայտարարէ եռամսեայ վճարովի աշխատանքային վերապատրաստման մասնակցութեան մրցոյթ՝ Հայաստանի մէջ աշխատանք փնտռող սուրաիահայերու եւ տեղացիներու համար։

Մրցոյթը հնարաւորութիւն կու տայ մասնակիցներուն ստանալ աւելի լաւ կրթութիւն եւ մասնագիտական փորձ, որուն շնորհիւ կարելի է ունենալ կայուն եւ տեւական աշխատանք:

Մրցոյթին կրնան դիմել Սուրիահայ տեղահանուած անձինք եւ 18 տարին լրացած տեղացիներ։

Ո՞վ կրնայ դիմել

Դիմել կրնայ որեւէ մասնագիտական ոլորտի ներկայացուցիչ։

Պիտի ընտրուին 100 վերապատրաստուողներ՝ հիմք ընդունելով դրդապատճառը, հմտութիւններն ու գիտելիքները եւ փորձը, որմէ ետք պիտի որոշուին համապտասխան գործատուները եւ երկու կողմերը կապ պիտի հաստատեն՝ իրականացնելով անձնական հարցազրոյց իբրեւ առաջին քայլ: Երկու կողմերը յաջողութիւն գրանցելէն ետք կը կնքուի եռակողմ համաձայնագիր: Իւրաքանչիւր վերապատրաստուող մասնակից ֆինանսական աջակցութիւն կը ստանայ երեք ամիս ժամկէտով:

Նախկին գործատուներու եւ մասնագիտական վերապատրաստում տրամադրողներու կողմէն տրուած երաշխաւորագրերը կը համարուին առաւելութիւն:

Միայն նախնական ընտրութիւնը անցած մասնակիցները կը հրաւիրուին հարցազրոյցի:

 Դիմելու վերջնաժամկէտ

Հետաքրքուած անձինք կրնան ուղարկել իրենց ինքնակենսագրութիւնը hkarapetyan@redcross.am ել. հասցէին

կամ դիմել Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւն,

Պարոնեան 21/1, Բնակչութեան տեղաշարժի բաժին,

Զբաղուածութեան գծով ծրագրի մասնագէտ Հայարփի Կարապետեանին մինչեւ 10 դեկտեմբերի, 2018թ.։

Լրացուցիչ հարցերու պարագային հեռաձայնել` +374 55 625065, +374 95 625065 թիւերուն: