Արցախցի Երիտասարդ Այգեգործի Յաջողութիւնը

Հայաստան

Արցախցի երիտասարդ այգեգործ Արէն Խաչատրեանը 7 տարիէ ի վեր կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ: Վերջին 3 տարիներու ընթացքին ան սկսած է զբաղիլ նաեւ նուռի տնկիներու աճեցմամբ, որոնց քանակը այսօր այնքան շատցած է, որ հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ հանել վաճառել:

«Արցախփրէս»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին Արէն Խաչատրեան ըսած է, որ առաջին տարին վաճառած է ընդամէնը 1000 արմատական տնկի:

«Երկրորդ տարին այդ թիւը հասած է 5000-ի: ԱՀ գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի օժանդակութեամբ այսօր արդէն վաճառքի ենթակայ ունիմ շուրջ 115 հազար տնկիներ: Կարծեմ՝ պետական աջակցութիւնը երիտասարդ գիւղատնտեսին հնարաւորութիւն կու տայ առաւել ընդլայնելու գործունէութիւնը եւ նոր հողատարածքներ մշակելու»,- նշած է Ա. Խաչատրեան:

Անոր խօսքով՝ տնկիներու հիմնական վաճառքը կը սկսի Նոյեմբերի վերջը եւ կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլ:

Երիտասարդ գիւղատնտեսը կը զբաղի նաեւ պտուղներու աճեցմամբ, մասնաւորապէս՝ 14.5 հ. նուռի, 1.5 հ. խաղողի այգիներէն զատ, կը մշակէ նաեւ 3 հ. տարբեր պտղատու ծառեր՝ թուզ, սերկեւիլ, դեղձ, խնձոր, արքայանարիջ, տանձ, բալ, կեռաս:

«Այս տարի իրականացուցած ենք նաեւ 35 հ. արեւածաղկի, ինչպէս նաեւ 10 հ. հնդկաձաւարի եւ 25 հ. ցորենի մշակութիւն:

«Գիւղատնտեսութեան զարգացման համար ամենակարեւորը բարենպաստ բնակլիմայական պայմաններն են, ինչը Արցախի պարագային արդէն կայ»,- ըսած է Ա. Խաչատրեան: