Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի Յունաստանի Շրջանի պաշտօնական տօնակատարութիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի Յունաստանի Շրջանի
պաշտօնական տօնակատարութիւն
Հովանաւորութեամբ՝
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան
Բարձր նախագահութեամբ՝
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Գեղամ Արք. Խաչերեանի
Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան
Կը նախագահէ քոյր Լոռի Պարազեան
Ողջոյնի Խօսքեր՝
— Յունաստանի մօտ
Հ.Հ. դեսպան Ֆաթէյ Չարչօղլեանի
— Հ.Յ.Դ. Յունաստանի
Կեդրոնական Կոմիտէի
Օրուան պատգամաբեր՝
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր
եղբ. Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան
կողմէ «Արժանեաց շքանշան»ով
պարգեւատրում՝ եղբայրներ
Կարօ Յովակիմեանի եւ Պօղոս Չոլաքեանի
Գեղարուեստական յայտագրին
կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները
Պիտի ցուցադրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեայ պատմութեան տեսերիզ
Տեղի կ’ունենայ Շաբաթ՝ 17 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8-ին,
Աթէնքի քաղաքապետարանի «Աննա եւ Մարիա Գալութա» թատերասրահէն ներս
Πολιτιστικό κέντρο Δήμο Αθηναίων
«ΑΝΝΑ & ΜΑΡΙΑ ΚΑΛΟΥΤΑ»
Οδός Τιμοκρέοντος 6Α, Νέος Κόσμος (όπισθεν Αγ. Σώστη)
Ձեր ներկայութիւնը պատիւ եւ ուրախութիւն է
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին համար,
Միութեան պատմական տօնակատարութեան առթիւ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւն
Բուլման ինքնաշարժ ճամբայ պիտի ելլէ երեկոյեան ժամը 7-ին «Զաւարեան» կեդրոնին
առջեւէն ու ձեռնարկի աւարտին ժողովուրդին պիտի վերադարձնէ Գոքինիա:
