Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներու Զոհերուն Թիւը 31-ի Հասած է

Աշխարհ

ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի հիւսիսային եւ հարաւային մասերուն մէջ անտառային հրդեհներուն հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 31-ի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է Associated Press գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով տեղական իշխանութիւնները:

Պիւթի տեղամասի շէրիֆին տուեալներով՝ նահանգի հիւսիսը գրեթէ ամբողջովին այրած Փարըտայզ քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է վեց մարդու մարմին:

Նախապէս տեղեկացուած էր, որ այդ շրջանին մէջ հրդեհները խլած են 23 մարդու կեանք, իսկ Քալիֆորնիոյ հարաւը՝ երկու: Նահանգի հիւսիսը անյայտ կը մնայ 228 մարդու ճակատագիրը: Քալիֆորնիոյ այդ տեղամասի անտառային հրդեհը ամենամեծ թիւով զոհեր ունեցած է այն ժամանակէն ի վեր, երբ իշխանութիւնները սկսած են արձանագրել նման տեղեկատւութիւնը, հաղորդած է TASS գործակալոյթունը: