Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Աւարտի 100-ամեակի Նշման Ընթացքին. Մաքրոն Աշխարհի Ղեկավարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Մերժելու Ազգայնամոլութիւնը

Աշխարհ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ, երէկ, աշխարհի շուրջ 70 ղեկավարներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, յարգանքի տուրք մատուցեցին Համաշխարհային Ա. պատերազմի զոհերու յիշատակին:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ Մաքրոն հրադադարի հաստատումէն մէկ դար ետք, իր արտասանած խօսքին մէջ աշխարհի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց մերժելու ազգայնամոլութիւնը եւ «պայքարելու խաղաղութեան համար»: Ան ազգայնամոլութիւնը նկատեց «հայրենասիրութեան դաւաճանում»:

«Նախ եւ առաջ մեր շահերը, իսկ ուրիշները կարեւոր չեն» ըսելով կը ջնջենք ազգի մը ունեցած ամէնէն յարգին` անոր բարոյական արժէքները, որոնք անոր կեանք կու տան», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

«Մեր մտավախութիւնները իրարու դէմ օգտագործելու փոխարէն` մեր յոյսերը կառուցենք»,- ըսաւ ան:

«Պատերազմի զոհ դարձած զինուորները, կիներն ու որբացած երեխաները անցած են աներեւակայելի դժոխքի մէջէն», յայտնեց Մաքրոն իր շուրջ 20 վայրկեան տեւած խօսքին մէջ` ընդգծելով, որ անցեալը պէտք չէ թշնամութիւն ծնի ժողովուրդներու միջեւ, սակայն նաեւ պէտք չէ մոռացութեան մատնուի:

«Հարիւր տարի առաջ Փարիզի եւ ամբողջ Ֆրանսայի մէջ ղօղանջեցին զանգերը` աւետելով չորս տարի երկարած արիւնալի պատերազմի աւարտը: Ատիկա շատոնց էր, սակայն կը թուի նաեւ, թէ երէկ էր», յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահը եւ իր խօսքը աշխարհի ղեկավարներուն ուղղելով կոչ ուղղեց` «միասին պայքարինք յանուն խաղաղութեան»:

Նշենք, որ 1914-էն 1918 երկարած Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին շուրջ 9,7 միլիոն զինուորներ զոհուեցան եւ 10 միլիոն քաղաքայիններ սպաննուեցան:

Ղեկավարներուն հաւաքէն վայրկեաններ առաջ «Ֆեմեն» շարժումի կիսամերկ անդամ մը, որուն կուրծքին վրայ «կեղծ խաղաղարար» գրուած էր, ձերբակալուեցաւ Թրամփի շքախումբէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ, երբ անցարգելը շրջանցեց:

Թրամփ վէճ յառաջացուց, երբ վատ օդերեւոյթին պատճառով ջնջեց պատերազմին զոհուած զինուորներուն գերեզմանատուն այցելութիւնը: