Բակօ Սահակեան Հետեւած է ՊԲ Կեդրոնական Ենթակայութեան Շարք մը Զօրամասերու Ներգրաւումով Մարտավարական Զօրավարժութիւններու Ընթացքին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 10-ին, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնեաներու հետ միասին դիտած է ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան շարք մը զօրամասերու ներգրաւումով մարտավարական զօրավարժութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Նախագահը ընդգծած է, որ բանակաշինութիւնը, զինուած ուժերու մարտունակութեան շարունակական բարձրացումը եղած են ու կը մնան պետութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն, եւ հետեւողական աշխատանքները այս ուղղութեամբ պիտի շարունակուին:
Նոյն օրը երկրի ղեկավարը այցելած է Մարտակերտի շրջանի Մեծ Շէն գիւղ, հանդիպած համայնքի բնակիչներու հետ եւ քննարկած գիւղին մէջ առկայ խնդիրներն ու անոնց լուծման ուղիները:
Նախագահ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:
Հանդիպման մասնակցած են պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

