Նիկոլ Փաշինեան Կ՛ընդունի Լոսանճելըսահայ Գործարար Մայք Սարեանը

Հայաստան, Սփիւռք

«Փանորամա».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր  30-ին ընդունեց «Prime Healthcare» ընկերութեան նախագահ, Լոս Անճելըսի հայ համայնքի անդամ, բարերար Մայք Սարեանը, որ համաամերիկեան չափանիշով առողջապահական ոլորտի յայտնի ներկայացուցիչ է եւ Ամերիկայի 14 նահանգներու մէջ 45 հիւանդանոց ներառող մեծ ցանցի մը ղեկավարն է:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց Սարեանի երկարամեայ մասնագիտական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ դերակատարութիւնը ամերիկահայ համայնքի կեանքին մէջ, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու մէջ: Փաշինեան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը ձեւաւորուի, որ կը նպաստէ առողջապահութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման:

Մայք Սարեան իր կարգին, նշեց, թէ հպարտ է, որ կարելիութիւնը ունի իբրեւ հայ իր նպաստը բերելու հայրենիքի յառաջընթացին: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու վարչապետի պաշտօնակատարին, կառավարութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան՝ բարեփոխումները կեանքի կոչելու գործին եւ իր փորձառութիւնը, մասնագիտական հմտութիւնները ծառայեցնելու Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտի զարգացման եւ յստակ ծրագիրներու իրականացման:

Փաշինեան ողջունեց Մայք Սարեանի գործնական տրամադրուածութիւնը եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի համար այս նոր եւ կարեւոր ժամանակաշրջանին անհրաժեշտ է աշխարհասփիւռ հայութեան մեծ ներուժը ներգրաւել մեր երկրի ապագայի կառուցման գործին մէջ: