ՀաԼէպի Մէջ Բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած Արխիւներու Ցուցահանդէսը
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ hայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանային վարչութեան 100-ամեակի յանձնախումբը կազմակերպեց Միութեան 100-ամեակին նուիրուած արխիւային նիւթերու ցուցահանդէս։Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջը։

Ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի 28 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, ներկայ եղան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ․ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Պատուելի Յարութ Սելիմեան, ազգային միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ ՀՄԸՄ-ականներ:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 4 Նոյեմբեր 2018, ամէն օր երեկոյեան ժամը 4.00-էն 8.00:
