Արցախի Մասին Պատմող «Դրախտի Դարպասը» Ֆիլմի Լիթվիական Նկարահանումները Աւարտած են
«Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ձեզի` մեզի տրամադրած ձեր թանկ ժամանակին, ձեր ամենափոքրիկ ներդրումին համար, որ կը քաջալերէ մեզ` ա՛լ աւելի հիմնաւոր աշխատանք կատարել հայկական կինոարտադրութիւնը զարգացնելու համար: Ձեզմէ շատերուն շնորհիւ է, որ մենք կրցանք յաղթահարել ֆինանսական դժուարութիւնները եւ իրականութիւն դարձնել լիթվիական երեքօրեայ նկարահանումները», գրած է «Դրախտի դարպասը» ֆիլմի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:
«Ֆիլմի լիտուական նկարահանումներուն ներկայ` համարտադրող ընկերութիւններէն Կէսթութիս Տրազտաուսքասը (Լիթվիա) եւ Մարքօ Կիլլեսը (Գերմանիա), ինչպէս նաեւ ֆիլմի գործադիր արտադրող Ատրինէ Միրզայեանը (ԱՄՆ), որոնք մեծ ներդրում ունեցած են ֆիլմի ստեղծման գործին, մէկ անգամ եւս ապացուցեցին, որ ֆիլմը կեանքի կը կոչուի:
«Այժմ հասած ենք ֆիլմի համար շատ կարեւոր` յետարտադրական փուլը, որ կը ներառէ մոնթաժի, ձայնի, երաժշտութեան եւ գոյնի հետ կապուած աշխատանքները; Աշխարհահռչակ դերասաններու մասնակցութեամբ, արցախեան նիւթով «Դրախտի դարպասը» ֆիլմը, յիրաւի, դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Արցախի համար` ամբողջ աշխարհի մէջ:
«Այս կարեւոր փուլը յաղթահարելու եւ ֆիլմը իրականութիւն դարձնելու համար` մենք կրկին ձեր աջակցութեան կարիքը ունինք»,- գրած է Աւետիսեան:
