ԱԺ Պատգամաւորներուն Մէկ-Երրորդը Նիկոլ Փաշինեանը Առաջադրած են Վարչապետի Թեկնածու
Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն 1/3-ը Նիկոլ Փաշինեանը առաջադրեց վարչապետի թեկնածու: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Լենա Նազարեան:
«Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջարկած են “Ելք”-ի, «Ծառուկեան» խմբակցութեան եւ «Հանրապետական» խմբակցութենէն հեռացած 4 պատգամաւորներ` Արսէն Միխայլով, Կնեազ Հասանով, Տաճատ Վարդապետեան ու Շիրակ Թորոսեան»,-ըսած է Նազարեան:
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 30-ը վարչապետի 2-րդ ընտրութեան համար թեկնածու առաջադրելու վերջնաժամկէտն է:
Վարչապետի 2-րդ ընտրութեան համար Սահմանադրութեամբ նախատեսուած փուլի եօթնօրեայ ժամկէտի վերջին օրը` Հոկտեմբեր 31-ին, ժամը 12:00-ին իրաւունքի ուժով կը գումարուի Ազգային ժողովի յատուկ նիստ այս հարցի վերաբերեալ որոշում կայացնելու նպատակով:
Նոյեմբեր 1-ին տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութեան 2-րդ փուլի քուէարկութիւնը, որու արդիւնքով վարչապետ չընտրուելու պարագային Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով եւ Հանրապետութեան նախագահը կ՛ընդունի հրամանագիր` Ազգային ժողովը արձակելու եւ արտահերթ ընտրութիւն նշանակելու մասին:
