Նոյեմբեր 1-ին Ազգային Ժողովը Պիտի Լուծարուի. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Նոյեմբեր 1-ին Ազգային ժողովը ազատ պիտի լուծարուի, Հոկտեմբեր 27-ին յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, չբացառելով, որ Չորեքշաբթի օրը կրնայ չընտրուելու նախապայմանով կրկին առաջադրուիլ որպէս վարչապետի թեկնածու:

Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու համար, յիշեցնենք անհրաժեշտ է, որ եկող շաբաթ ԱԺ երկրորդ անգամ չընտրէ նոր վարչապետ:

«Մենք պիտի ունենանք արձակուած (լուծարուած) խորհրդարան, թէ ինչ սենարով քանի մը օր մնացծ է, կը տեսնենք: Նիստը պէտք է ըլլայ Նոյեմբեր 1-ին եւ ես չեմ բացառեր, որ կ’առաջադրուիմ ուղղակի ես նախորդ քննարկման ժամանակ չհասցուցի ըսել այն ամէնը, ինչ-որ կը ցանկայի ըսել, – “Ազատութեան”փոխանցմամբ՝ նշեց վարչապետի պաշտօնակատարը: