Սուրիա եւ Իրաք Նոր ՀՀ Դեսպաններ Ունեցան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Տիգրան Գէորգեան նշանակուեցաւ  Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

Իրաքի Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած է Հրաչեայ Փօլատեան։