Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցած է Հայաստանի Նախագահին հետ

Հայաստան, Սփիւռք

24 Հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեւ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող կարգ մը հարցեր:

Նախագահ Սարգսեան անգամ եւս ջերմօրէն շնորհաւորեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ձեռնադրութեան 50ամեակին առիթով:

Հայրապետը, իր կարգին, յայտնեց, որ անցեալին նման, նոյն թափով պիտի շարունակէ իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ առանցքային տեղ յատկացնել Հայաստանի հզօրացման, Արցախի անկախութեան ամրապնդման եւ ազգային պահանջատիրական պայքարի առաւել ամրացման ձգտող աշխատանքները: Վեհափառը նաեւ շեշտեց եկեղեցի-ժողովուրդ եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնը առաւել սերտացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Չնախատեսուած հանդիպում մըն էր հայրապետին եւ նախագահին հանդիպումը, որովհետեւ կաթողիկոսը դէպի Պեռն պաշտօնական այցելութեան ճամբուն վրայ ժամանած էր Ժընեւ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւ այցելած էր՝ մասնակցելու ՄԱԿի հովանիին տակ երկամեայ դրութեամբ կազմակերպուող Համաշխարհային ներդրումային համաժողովի բացման արարողութեան:

Նոյն օրը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ: