
Այսօրուան Հայաստանը Կը Շարժի եւ Պիտի Շարունակէ Շարժիլ Ճիշդ Ուղղութեամբ. Արմէն Սարգսեան
Աշխատանքային այցով Զուիցերիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժնեւի մէջ հանդիպած է զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը, նախագահ Սարգսեան նշած է, որ մենք ազգային նպատակներու իրագործման նոր փուլ կը մտնենք աշխարհի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական եւ, յատկապէս, արդիւնաբերական ու արհեստագիտական շատ արագ զարգացումներու համապատկերին մէջ:
Կարեւորելով համազգային ներուժի համախմբումը համահայկական օրակարգի շուրջ` Հանրապետութեան նախագահը ըսած է. «Մենք կարեւոր առաւելութիւն մը ունինք` մեր փոքր պետութիւնը իրականութեան մէջ կը ներկայացնէ հսկայ ժողովուրդի մը երազանքները, նպատակներն ու շահերը: Ձեր երեխաները, թոռները հպարտ պէտք է ըլլան, որ իրենք հայ են, եւ կը պատկանին փայլուն ժողովուրդի մը, որ այս կեանքին մէջ ունի շատ մեծ առաքելութիւն ու նպատակ»:
«Մեր իրական ուժն ու հարստութիւնը մեր ժողովուրդն է»,-ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Այսօրուան Հայաստանը, որ նոր ու երիտասարդ Հայաստան է, կը շարժի, եւ յոյս ունիմ, պիտի շարունակէ շարժիլ ճիշդ ուղղութեամբ` ազատութեան, մարդկային արժանապատուութեան ճանապարհով: Եկած է ժամանակը, որ իւրաքանչիւր հայ անպայման ներգրաւուած ըլլայ իր երկրի գործերուն մէջ` իւրաքանչուրը իր տեղը, իր ուժերու ներածին չափով իր նպաստը բերելով հայրենանուէր ծրագիրներու իրագործման ու հայրենիքի զարգացման»:
Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ու անոնք նորովի զարգացնելուն, հայապահպանութեան խնդիրներուն եւ Հայաստանի կեանքին մէջ արտերկրի մեր հայրենակիցներուն` աւելի աշխոյժ ներգրաւման հնարաւորութիւններուն: