ՏԱ Ոլորտը Պէտք է Դառնայ Մեր Տնտեսութեան Կարեւոր Յենասիւներէն Մէկը. 43 Ուսանող եւ Աշակերտ Արժանացան ՀՀ Պետական Կրթական Մրցանակի
ՀՀ վարչապետի նստավայրին մէջ Հոկտեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի մէջ ՀՀ պետական կրթական մրցանակ»-ին արժանացած լաւագոյն ուսանողներու եւ աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Մրցանակներն ու պատուոգիրները յանձնեց ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

«Այս ոլորտը պէտք է դառնայ մեր գիտարար տնտեսութեան կարեւոր յենասիւներէն մէկը: Ատիկա պայմանաւորուած է մեր երկրի` ժամանակակից աշխարհի հետ համաքայլ առաջ երթալու անհրաժեշտութեամբ: Այստեղ գտնուող մրցանակակիրները կեանքի ինչ-որ փուլի որոշում կայացուցած են զբաղիլ իրենցմով, քանի որ նոյն ինքը մարդն է իր յաջողութեան գրաւականը: Նոր Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւրը ինք կ՛որոշէ իր աշխատասիրութեամբ, իր ջանքերով, իր մղումով իր տիեզերքի չափը»,- նշեց Փաշինեան:
Այս տարի «ՏԱ ոլորտին մէջ ՀՀ պետական կրթական մրցանակ»-ին արժանացաւ 25 ուսանող եւ 18 աշակերտ:
«Լաւագոյն աշակերտ» մրցանակին արժանացած 13-ամեայ Ռուբէն Սարգսեան, որ կը յաճախէ Գիւմրիի «Ֆոտօն» վարժարանը, մտադրութիւն ունի արհեստական բանականութեամբ մարդ-մեքենայ ստեղծելու:
«Մասնակցած եմ հարցազրոյցի, ուր հիմնականօրէն տուած են ընդհանուր զարգացուածութիւնը ստուգող հարցեր` աւելի շատ կեդրոնանալով բնագիտութեան եւ ուսողութեան գիտութիւններու վրայ: Ստուգած են վերլուծական մտածողութիւնը, տրամաբանութիւնը, եւ այդպիսով` պատասխանելով հարցերուն, արժանացայ «Լաւագոյն աշակերտ» մրցանակին»,- ըսած է Ռուբէնը:
Վերջինս ընդգծած է, որ իր ստեղծած մարդ-մեքենան պէտք է կարենայ օգնել մարդոց առօրեայ շարք մը հարցերու մէջ: Նախապէս ան ստեղծած է սեփական խաղ, ուր կան արհեստական բանականութեան մասնիկներ` առարկան ինք կ՛որոշէ, թէ ինչ քայլ պէտք է ընէ` կախուած իր առջեւ դրուած խնդիրներէն։
Գլխաւոր մրցանակի համար սահմանուած է 1200 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ, «Լաւագոյն ասպիրանտ» անուանակարգի առաջին կարգի մրցանակը կը կազմի 1000 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ, իսկ երկրորդինը` 750 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ: «Լաւագոյն մագիստրանտ»` առաջին կարգ` 750 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ, իսկ երկրորդինը՝ 500 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ: «Լաւագոյն բակալաւր» անուանակարգի առաջին կարգի մրցանակը սահմանուած է 500 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ, իսկ երկրորդ կարգի մրցանակը` 400 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ: «Լաւագոյն սփիւռքահայ ուսանող» մրցանակի առաջին կարգին արժանացած անձը արժանացաւ 750 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ, իսկ երկրորդը` 500 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ:
Արդէն 14-րդ անգամ տեղի ունեցող մրցանակաբաշխութեան այս մրցանակին մինչ այսօր արժանացած է 489 ուսանող եւ աշակերտ:
