Ազգային Ժողովը Չընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը

Հայաստան

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեան դրաւ  կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու նախագիծը: Փոփոխութիւններու նախագիծին թեր քուէարկեց 56 պատգամաւոր, մինչդեռ օրէնքը ընդունելու համար անհրաժեշտ էր 63 ձայն: Դէմ քուէարկեց 3 պատգամաւոր: