
Հայկական Տուտուկի ու «Տլէ Եաման»-ի Հնչիւններուն Տակ Պոլսոյ Մէջ Վերջին Հրաժեշտը Տուին Արա Կիւլերին
Պոլսոյ մէջ վերջին հրաժեշտը տուին յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլերին: Ան կեանքէն հեռացաւ Հոկտեմբեր 17-ին` 90 տարեկան հասակին։
«Սթամպուլի աչք» անունով յայտնի հայ արուեստի գործիչին մահուան պատճառը սրտի անբաւարարութիւնն էր:
Ըստ «Ակօս»-ի՝ Կիւլերի մարմինը դրուած է քաղաքի կեդրոնական Պէյօղլու թաղամասի Երեք խորան հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ուր Հոկտեմբեր 20-ին տեղի ունեցաւ անոր հոգեհանգիստը:
Կիւլերի մարմինը եկեղեցիէն դուրս բերուեցաւ հայկական տուտուկի ու «Տլէ եաման»-ի հնչիւններու ներքոյ` փաթթուած թրքական դրօշով: Պոլսահայ լուսանկարիչը յուղարկաւորուած է Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ:
Կիւլերի յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուած են հայ համայնքի հազարաւոր ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներ, մտաւորականներ, իր արուեստին սիրահարներ ու լրատուամիջոցներու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ:
Յիշեցնենք, որ պոլսահայ լուսանկարիչին մահուան առիթով ցաւակցական ուղերձ յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` նշելով, որ ան պիտի շարունակէ ապրիլ իր ձգած ստեղծագործութիւններով եւ աւելցուցած, որ Կիւլեր «իր լուսանկարչական սարքով պատմութիւն գրած է», կը յատնէ “Թերթ”-ը :