
Նիկոլ Փաշինեան Այցելած է Լիբանանի Հայկազեան Համալսարան եւ Զմմառի Պատրիարքական Միաբանութիւն
Լիբանան կատարած աշխատանքային այցին ծիրէն ներս՝ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Հոկտեմբեր 21-ին, այցելած է Պէյրութի մէջ գործող հայկական կրթական եւ հոգեւոր-մշակութային կեդրոններ:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան նախ այցելած է Հայկազեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան խորհուրդի անդամներու եւ Հայկազեան համալսարանի դասախօսական կազմին եւ Պէյրութի հայկական դպրոցներու ներկայացուցիչներու հետ:
Հարցուպատասխանի ընթացքին քննարկուած են հայ-լիբանանեան համագործակցութեան, կրթութեան ոլորտէն ներս կապերու խորացման, հայկական ինքնութեան եւ մասնաւորապէս, հայոց լեզուի պահպանման վերաբերող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական կրթօճախներու կողմէ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքը եւ այդ ծիրէն ներս ՀՀ համապատասխան գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութիւնը:
Այնուհետեւ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը շրջայց կատարած է Հայկազեան համալսարանէն ներս, ծանօթացած հայկական կրթօճախի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն, նաեւ զրուցած ուսանողներու հետ: Համալսարանի ղեկավար Փոլ Հայտոսթեան՝ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանը եւ համալսարանի բակին մէջ տեղակայուած հրթիռի յուշարձանը, որուն հեղինակը հայ է: Վարչապետի պաշտօնակատարը կարեւոր համարած է Հայկազեան համալսարանի կողմէ հայագիտութան ոլորտէն ներս կատարուող աշխատանքը, իրականացուող ծրագիրները:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ գրութիւն ձգած է Հայկազեան համալսարանի Պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այցին յաջորդ կանգառը Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Զմմառի պատրիարքական միաբանութիւնն էր, ուր զինք դիմաւորած են Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանը, Զմմառի վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ ծայրագոյն վարդապետ Մուրատեանը եւ Զմմառի վանքի փոխմեծաւոր Անտոն Վարդապետ Նորատունկեանը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան մասնակցած են Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի հոգեւոր ներկայացուցիչներու եւ Զմմառի վանքի միաբանութեան անդամներուն կողմէ մատուռին մէջ տրուած ողջոյնի աղօթքին, մոմավառութիւն կատարած վանական համալիրի տարածքէն ներս գտնուող եկեղեցւոյ մէջ, շրջայց կատարած թանգարանին, մատենադարանին եւ գինետան մէջ, ծանօթացած Զմմառի հայ միաբանութեան գործունէութեան:
Զմմառի վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ ծայրագոյն վարդապետ Մուրատեան նշած է, որ մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է հիւրընկալել Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Զմմառի միաբանութենէն ներս: Անոր խօսքով` այսօր համայն հայութիւնը ուրախ է տեսնելու Հայաստանի հզօրացումը եւ համախմբուած է հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն շուրջ:
Վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուած է աւելի քան 270-ամեայ պատմութիւն ունեցող Զմմառի միաբանութեան առաքելութիւնը, դերակատարութիւնն ու գործունէութիւնը: Զմմառի վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ ծայրագոյն վարդապետ Մուրատեան՝ Զմմառի պատրիարքական միաբանութեան անունով՝ Նիկոլ Փաշինեանին նուիրած է Տիրամօր պատկերով նկար:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով. «Շատ յուզիչ առիթ է ինծի համար, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուիմ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ այսպիսի միջավայրի մէջ: Ասիկա ինծի համար յիշարժան այցելութիւն է, որ անընդհատ պիտի ուղեկցի ինծի: Ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Սփիւռքի՝ ամենակարեւոր խնդիրներէն մէկը այն է, որ մենք չունենանք բաժանարար գիծեր: Մենք մէկ ազգ ենք, կու գանք նոյն տեղէն եւ կը ձգտինք դէպի նոյն տեղը, ունինք ընդհանուր երազանքներ, որոնց կեդրոնը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը»:
Վարչապետի պաշտօնակատարը կարեւոր համարած է հայ հոգեւոր, մշակութային ամենանշանաւոր օճախներէն մէկուն` Զմմառի գործունէութիւնը պատմամշակութային ժառանգութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: