
Արցախի Շուշի եւ Ֆրանսայի Սէնթ Էտիէն Քաղաքները Բարեկամութեան Հռչակագիր Կնքած են
Արցախի Հանրապետութեան Շուշի եւ Ֆրանսայի Սէնթ էտիէն քաղաքներուն միջեւ, Հոկտեմբեր 21-ին, ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր: Ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Շուշի քաղաքի քաղաքապետարանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Հռչակագիրը ստորագրած են Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան եւ Սէնթ Էտիէն քաղաքի քաղաքապետ, «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի անդամ Կաէլ Փերտրիոն: Ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի նախկին ղեկավար, Ֆրանսայի ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր ֆրանսուա Ռոշպլուան:
Հռչակագիրով, մասնաւորապէս, կը նշուի, որ հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրով ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը՝ կողմերը կ՝որոշեն երկու քաղաքներուն միջեւ հաստատել բարեկամական կապեր, համատեղ ծրագիրներ իրականացնել տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան ու տեղական ինքնակառավարման ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նպաստել երկու քաղաքներուն միջեւ փորձի եւ մասնագիտական հմտութիւններու փոխանակման։