
Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի Ցուցահանդէսի Բացումը Լիբանանի Մէջ
Այսօր, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կը կատարուի բացումը ծագումով սպանացի գեղանկարիչ Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի ցուցահանդէսին: Այս առիթով «Ազդակ» ունեցած է ամփոփ հարցազրոյց մը արուեստագիտուհիին հետ:
Ծագումով սպանացի, Պարսելոնա ծնած արուեստագիտուհին հասակ առած է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ եւ կանուխ տարիքէն գեղանկարչութեան սէրը իր մէջ աճած ու զարգացած է: Զինք ամէնէն շատ հմայողն ու իր արուեստին թռիչք տուողը բնութիւնը հանդիսացած է` անոր լոյսի խաղերով ու գոյներով: Ծովը իր շարժումներով եւ իր վերեւ կատարուող փոփոխական գծագրութիւններով ու խաղերով մնացած է իր արուեստի հիմնական ներշնչարան: Իր զգայուն նկարագիրը այս իմաստով հիմնական ներդրում ունի իր արուեստի արտայայտութեան մէջ: Անոր պաստառները պայծառ գոյներով եւ յատուկ նրբերանգներով կը յատկանշուին: Անոր կեանքը, դէպի արեւելք երկար ճամբորդութիւններով լեցուած, առիթ ընձեռած է ներշնչման նոր տարածքներ փնտռելու, եւ այդ բոլորը ինքնուրոյն ոճով վերածած է արուեստի: Ան ինքզինք կը նկատէ մնայուն ճամբորդ մը: 21 տարեկանէն սկսեալ արդէն ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ Սպանիոյ, Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ: Արժանացած է գեղանկարչական բազմաթիւ մրցանակներու:
Անդրադառնալով հայ ընտանիքի մաս կազմելու երեւոյթին եւ այդ հանգամանքին ազդեցութեան իր արուեստին վրայ` ան յայտնեց, որ իր ամուսինին` Գրիգոր Մաղաքեանի ընտանեկան պարագաները ստիպողաբար տարբեր երկիրներու մէջ ապրած են` Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս հանգամանքը իրեն առիթ տուած է, որ տարբեր միջավայրերու հետ շփումը իր մօտ զարգացնէ ու ընդարձակէ արուեստի գիտակցութիւնը: Ան յայտնեց, որ ներկայիս իր ցուցադրած գործերուն մէջ ակներեւ է այս պարագան:
Վիրժինիա Կալ պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայկական եւ եւրոպական գեղանկարչական արուեստին մէջ ի՞նչ նմանութիւններ ու ի՞նչ տարբերութիւններ կը տեսնէ, ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր գեղանկարիչ ունի իր իւրայատուկ ներշնչումը` հիմնուելով իր միջավայրին շնորհած ապրումներուն ու փորձառութիւններուն վրայ. բայց կա՛յ արուեստագէտի իւրայատուկ դրոշմը, որ կապ ունի անոր կիրարկած անհատական թեքնիքին հետ:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին անդրադառնալով` ան յայտնեց, որ հպարտ կը զգայ, որ իրեն այս առիթը շնորհուած է իր գործերը ցուցադրելու եւ ծանօթացնելու իր հայ հայրենակիցներուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրահի տնօրէնութեան եւ վարչական կազմին` այս ցուցահանդէսի կազմակերպման մէջ իրենց ցուցաբերած բծախնդրութեան համար:
Աւարտելով իր խօսքը` ան ի յառաջագունէ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի արուեստասէր հանրութեան, որ պիտի այցելէ ցուցասրահ, ծանօթանայ իր գործերուն եւ բաժնեկից դառնայ իր ուրախութեան:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին կը ներկայացուին տարբեր չափի 36 իւղաներկ եւ խառն թեքնիքներու օգտագործումով պատրաստուած գործեր, որոնց բոլորին առանցքը բնութեան կախարդանքն ու ներշնչումն է, եւ վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր այցելու պիտի կարենայ ըմբոշխնել արուեստագիտուհիին պայծառ արտայայտութիւնները եւ բնութեան նկատմամբ ունեցած անսահման սէրը:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբեր 3: