
Երեւանի Մէջ Կայանալիք Եւրասիական Գործընկերութեան Միջազգային Երրորդ Համաժողովին Պիտի Մասնակցին ՌԴ եւ ԱՄՆ Նախագահներու Խորհրդականները
Հոկտեմբեր 22-24, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային երրորդ համաժողովը: Համաժողովին պիտի մասնակցին եւրասիական, եւրոպական եւ ամերիկեան շարք մը երկիրներու գործարար եւ կառավարական պատուիրակութիւններ: Նպատակն է՝ ծանօթանալ Հայաստանի ներդրումային միջավայրին, ստեղծել նոր գործարար կապեր, ամրապնդել նախապէս ձեռք բերուած կապերը եւ գործարարութեան նախագիծերը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ համաժողովին ծիրէն ներս պիտի կայանայ գիտական նստաշրջան՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող սփիւռքահայ գիտնականներու մասնակցութեամբ: Նստաշրջանի ատենապետը աշխարհի մէջ ամենաշատ մէջբերուող տեսաբան-բիւրեղագէտ, հանքագէտ, քիմիագէտ, բնագէտ, նիւթագէտ Արտիոմ Օկանովն է:
Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային երրորդ համաժողովին Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի նախագահ, UNESCO-ի բարի կամքի դեսպան Արա Աբրահամեանի հրաւէրով պիտի մասնակցին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի խորհրդական Սերգէյ Կլազեւը եւ ԱՄՆ նախագահի՝ անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռուտոլֆ Ճուլիանին: