Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Կրօնական Ժողովի Հանդիպումը

Սփիւռք

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18-ին, ամբողջ օրը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի լիակատար հանդիպումը:

Հանդիպումի ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուեցան եւ լայնօրէն քննարկուեցան կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած հետեւեալ մարզերը. քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւն, դպրեվանք, տեղեկատուական աշխատանքներ, կրօնական ու դաստիարակչական հրատարակութիւններ, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթ, ընկերաբարոյագիտական հարցեր, հայրապետական ու հանրապետական մաղթանքներու վերամշակում, ընկերային ծառայութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու ու «Կիլիկիա» թանգարաններու առնչուած հարցեր, վեհափառ  հայրապետին ձեռնադրութեան 50-ամեակ եւ թեմերէն եկած հարցեր ու առաջարկներ:

Ընդհանուր քննարկումներէ ետք վերոյիշեալ բնագաւառներուն առնչուած համապատասխան որոշումներ տրուեցան:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Կրօնական ժողովի աշխատանքը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին վերանորոգումը` հայկական հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու առաւել կենսաւորումով` հայկական ընտանիքներու ու նոր սերունդի կեանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան կենսական կարեւորութիւնը` յիշեցնելով, որ եկեղեցին սոսկ հոգեւոր կեդրոն կամ կառոյց չէ, այլ առաքելութիւն է ու ծառայութիւն` ուղղուած ժողովուրդին: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց, որ այս գիտակցութեամբ մեր թեմերուն մէջ հոգեւորականներ իրենց նուիրական կոչումը ի գործ դնեն:

Յայտնենք, որ Կրօնական ժողովը բաղկացած է 17 հոգեւորականներէ: Իբրեւ ատենապետներ դիւանին մաս կը կազմեն Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսները, իսկ իբրեւ ատենադպիրներ` Պօղոս եւ Պետրոս վարդապետները: