Ղարաբաղեան Հարցին Հետ Կապուած Մեր Դիրքորոշումը Յայտնի է եւ Շատ Յստակ»․ ԱԳ Նախարար

Հայաստան

ԼՂ հիմնահարցին հետ կապուած հայկական կողմին դիրքորոշումը յայտնի է ու յստակ: Կառավարութեան նիստէն ետք՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլսի հարցազրոյցին:

«Ղարաբաղեան հարցին հետ կապուած մեր դիրքորոշումը յայտնի է, շատ յստակ է: Վերջին անգամ ես խօսած եմ Լիւքսեմպուրկի մէջ, վարչապետը նոյնպէս արտայայտուած է ատոր մասին: Մենք կ՝աշխատինք եւ կը բանակցինք մեր դիրքորոշումներուն ծիրէն ներս եւ պիտի շարունակենք այդ ուղղութեամբ աշխատանքը»,- ըսած է Զոհրապ Մնացականեան:

Յիշեցնենք, որ «Evnreport»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ռիչըրտ Միլս նշած էր, որ կը հասկնայ՝ «2016 թուականի ապրիլեան պատերազմը ալ աւելի սրած է հայերուն ընկալումները, սակայն դաժան իրականութիւնը այն է, որ ցանկացած կարգաւորում կը պահանջէ գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձ»: