ՀՕՄ-ի Արցախի Միաւորը «Բերքի Տօն»-ը Զօրամաս Հասցուց
Անցեալ Կիրակի Արցախի մէջ մեծ շուքով նշեցին Գիւղատնտեսութեան աշխատողի մասնագիտական տօնը:
Աւանդոյթին հաւատարիմ, Արցախի Հայ Օգնութեան Միութեան անդամներուն համար անիկա նշանաւոր դարձած ՊԲ զօրամասերէն մէկուն մէջ կազմակերպուած «Բերքի տօն»-ով: Անոնք մայրական սիրով, ջերմութեամբ դիրքապահները հիւրասիրեցին արցախեան այգիներու բերք ու բարիքով՝ խնձոր, խաղող, արքայախնձոր, նուռ,Ղարաբաղի գաթաներ, քաղցրաւենիք:
Ըստ Aparaj.am-ի՝ զինուորներու ուրախ տօնական տրամադրութիւնը ապահոված է «Ասպետ» խումբը:
«Մեր զինուորներուն շնորհիւ է, որ մեր երկրի սահմանները միշտ կը մնան անառիկ, եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ արցախցիները ուրախ տրամադրութեամբ «Բերքի տօն» կ՝իրականացնեն»,- նշած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուի Արմինէ Յարութիւնեան:
