«Քեզ Համար Ազնաւուր» Համերգային Ծրագիր՝ Հոկտեմբեր 29-ին եւ 30-ին
Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս, Հոկտեմբեր 29-ին եւ 30-ին պիտի կայանայ «Քեզ համար Ազնաւուր» համերգային ծրագիրը՝ նուիրուած մեծ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին:
Համերգային ծրագիրին պիտի մասնակցին Հայկ Պետրոսեան, Իվեթա Մուկուչեան, Գոռ Սուճեան, Սոնա Ռուբէնեան, Մաշա Մնջոյեան, Էրիկ, Սեւակ Ամրոյեան, Նայիրա Մանուչարեան, Աղուան Պապոյեան, Էվա Ոսկանեան: Համերգային ծրագիրի յատուկ հիւրը պիտի ըլլայ Վարդան Պետրոսեան:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել հետեւեալ համարով՝ 094-44-70-80։
