«Քամու Հետ» Ֆիլմի Ցուցադրութիւն Գիւմրիի Եւ Վանաձորի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Նարէ Մուրատեան

ՍինեՄիտք նախագիծի ծիրէն ներս «Ոսկէ Ծիրան»-ի հայկական համայնապատկեր ծրագրի ֆիլմերէն «Քամու հետ» ֆիլմը  պիտի ցուցադրուի Գիւմրի եւ Վանաձոր քաղաքներուն մէջ:

 Ֆիլմի բեմադրիչը Արթուր Սահակեանն է, որ փորձած է իր ֆիլմին մէջ ներկայացնել կեանքը Սեւանի մէջ: Ըլլալով Հայաստանի ամենամեծ ջրային աւազանը, այստեղ ամէն տարի միջինը 10 ձկնորս կը խեղդուի՝ լիճի անկանխատեսելի եղանակի պատճառով, սակայն այստեղ ապրող իւրաքանչիւր մարդ գիտէ, որ այստեղ ծնիլն ու Սեւանայ լիճի վրայ նաւարկելը իր ճակատագիրն է: Ֆիլմը կը պատմէ մարդոց մասին, որոնք ծնած ու մեծցած են լիճի ափին եւ Լիճի վրայ նաւարկելն ու ձուկ բռնելը անոնց համար առաջին հերթին ծննդաբանականօրէն չարաճճի սովորոյթ մը դարձած է, ընտրելով նաւարկութիւնը բաց ծովու վրայ եւ տրուիլ կապուտաչեայ գեղեցկուհիի քմահաճ ալիքներուն, որ ցաւօք շատ անգամ անողոք կ՛ըլլայ եւ տարեկան քանի մը անգամ իր գիրկը կ՛առնէ ձկնորսներէն քանի մը հատը: Ֆիլմը նկարահանուած է հետեւողի աչքերով` իրապաշտական, սակայն միեւնոյն ժամանակ բանաստեղծական պատկերաշարով:

Ֆիլմի տեւողութիւնը 51 րոպէ է: 16+
Գիւմրիի մէջ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Հոկտեմբեր 18-ին, ժամը`16:00-ին
Հոկտեմբեր կինոթատրոն, Աբովեան 143

Վանաձորի մէջ Հոկտեմբեր 19-ին, ժամը 16:00-ին
Կինոակումբ Լոռի, Կարէն Դէմիրճեան

Ցուցադրութեան պիտի յաջորդէ հարցուպատասխան ֆիլմի բեմադրիչ` Արթուր Սահակեանի հետ:

Մուտքն ազատ է:
Ծրագիրը կ՛իրականացուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի ՔՀ Կամուրջ ծրագրի ծիրէն ներս` Եւրոպական միութեան ֆինանսաւորմամբ:

Յիշեցնենք, որ Արթուր Սահակեան 2018 թուականին արժանացած է ՀՀ նախագահի մրցանակի եւ Ոսկէ Ծիրանի հայկական համայնապատկեր ծրագրի ծիրէն ներս ֆիլմը արժանացած է մրցանակի «Լաւագոյն նախաքայլ» անուանակարգին մէջ: