«Սատարում Հարազատ Բանակին» Խումբի Անդամները Այցելած են ՊԲ N Զօրամաս
«Սատարում հարազատ բանակին» նախաձեռնող խումբի անդամները՝ Արցախի Հանրապետութեան անյայտ կորած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան նախագահ Վերա Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ՝ հերթական այցելութիւնը տուած են ՊԲ-ի կեդրոնական ենթակայութեամբ գործող զօրամասերէն մէկուն:
«Մարտիկ»-ի տեղեկութիւններով՝ զինծառայողները, ամէն անգամուան նման, ոգեւորութեամբ ընդունած են հիւրերը, երգած, պարած եւ տրամադրող մթնոլորտի մէջ թօթափած ամենօրեայ ծառայողական ծանրաբեռնուածութիւնը: Նման նախաձեռնութիւններու շնորհիւ, որ, ինչպէս կը վստահեցնեն կազմակերպիչները, այսուհետեւ նոյնպէս պիտի կրէ շարունակական բնոյթ, հայրենիքի պաշտպանները մէկ անգամ եւս համոզուած են, որ իրենց թիկունքը ամուր է եւ զինուորականի առաքելութիւնը կ՝արժեւորուի հանրային բոլոր շերտերուն կողմէ:
Ձեռնարկի համերգային մասի աւարտին՝ զօրամասի շարք մը զինծառայողներ պարգեւատրուած են նախաձեռնող խումբին կողմէ: Շատերու ծնողներուն ուղարկուած են շնորհակալական նամակներ:
