ՀՅԴ-ն Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը չի պատրաստուիր ՀՀ վարչապետի թեկնածու առաջադրելու, քանի որ խորհրդարանին մէջ եօթը հոգիով ներկայացուած ըլլալու պայմաններուն մէջ անտրամաբանական է նման առաջադրումը, Ազգային Ժողովի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«ՀՅԴ-ն վաղուց ըսած է, որ եօթ հոգիով վարչապետի թեկնածու առաջադրելը անիմաստ գործ է: Տրամաբանութիւն պէտք է գոյութիւն ունենայ․ եօթ հոգիով ինչպէ՞ս կրնանք առաջադրել: Մենք 2017-ի ընտրութիւններէն ետք երբեք չէինք ալ պատրաստուած վարչապետի թեկնածու առաջադրելու»,-ըսած է Ռուստամեան:
Անդրադառնալով իրենց տեսակէտը յուշագիրով ամրագրելու մասին հարցումին` Ռուստամեան նշած է` ինքնանպատակ յուշագիրներ ստորագրելու խնդիր չեն տեսներ: Ան վստահեցուց` դրած են հինգ խնդիր, որոնց շուրջ սկսած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իրենց համագործակցութիւնը:
«Մենք կողմնակից ենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները կայանան բնականոն պայմաններու մէջ, այնպէս, ինչպէս ժողովուրդը որոշէ»,- աւելցուցած է ան:
