Աշտարակի Մէջ Տուրմի Թանգարան Բացուած է (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

«Կուրմէ Տուրմէ» տուրմի տունը, Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքին մէջ, Հոկտեմբեր 15-ին, բացած է Հայաստանի մէջ առաջին տուրմի թանգարանը։

Այցելուները այստեղ կրնան ծանօթանալ տուրմի պատմութեան, պատրաստման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ համտեսել տարբեր միջուկներով պատրաստուած տուրմեր։

Տուրմի թանգարանի բացման մասնակցած են նաեւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը եւ Աշտարակի քաղաքապետ Թովմաս Շահուերտեանը՝ բարի երթ մաղթած նախաձեռնութեան։

Նշենք, որ «Կուրմէ Տուրմէ» ընկերութիւնը ստեղծուած է Հայաստանի մէջ, 2007 թուականին, Ֆրանսայէն եւ Աւստրիայէն հայրենադարձուած երկու եղբայրներու` Փիեռ եւ Տիրան Պաղտատեաններուն կողմէ։