Ֆրանսախօս Երկիրներու Մամուլի Միջազգային Միութեան Խումբ Մը Անդամներ Այցելած են Արցախ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած  Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կայացած Ֆրանսախօս երկիրներու մամուլի միջազգային միութեան (ֆր.` Union internationale de la presse francophone, UPF) 47-րդ համաժողովի վարչութեան խումբ մը անդամներ Հոկտեմբեր 15-ին այցելած են Արցախ:

Հիւրերը եղած են Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան  թիւ 1 հիմնական դպրոցը, ներկայ գտնուած ֆրանսերէնի դասերուն եւ շփուած աշակերտներու  հետ: Անոնց կ՛ուղեկցէր Ստեփանակերտի  «Փոլ Էլիուարի տուն ֆրանքոֆոնիայի կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Նելլի  Աւանեսեանը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  Նելլի Աւանեսեան ըսած է, որ ֆրանսացիները եկած են բացայայտելու Արցախը,  ծանօթանալու եւ շփուելու  արցախցիներու հետ:  Այցի ծիրէն  ներս անոնք ծանօթացած են նաեւ դպրոցներու մէջ ֆրանսերէնի դրուածքին եւ յայտնած իրենց գոհունակութիւնը: