ՀՀ Նախագահը Ստեփանակերտի Մէջ Ներկայ Եղած է «Բերքի Տօն» Տօնավաճառին

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, անցնող Կիրակին անցուցած է Արցախի մէջ: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ներկայ եղած է Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան նուիրուած «Բերքի տօն» տօնավաճառին, ուր ներկայացուած են Արցախի մշակոյթը, բերքն ու բարիքը։

Նախագահ Սարգսեան շրջած է տաղաւարներուն մէջ, զրուցած իրենց արտադրանքը ներկայացնող գիւղացիներուն եւ տօնավաճառի այցելուներուն հետ, վայելած արցախցիի հիւրասիրութիւնը: