ՀՀ նախագահը Մանրամասնութիւններ Ներկայացուցած Բակօ Սահակեանի Հետ Ունեցած Հանդիպումէն
Արցախ կատարած այցի ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան նշած է, որ Բակօ Սահակեանի հետ քննարկած են հարցերու լայն շրջանակ: «Խօսեցանք Արցախի ներքաղաքական կեանքի, սահմանին տիրող իրավիճակի, ինչպէս նաեւ գործնական բազմաթիւ խնդիրներու մասին: Անդրադարձանք նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յառաջիկայ գործունէութեան: Ոեւէ մէկը չի կրնար թերագնահատել այդ կառոյցի տարիներու աշխատանքը: Կ՛ակնկալենք, որ հիմնադրամը պիտի շարունակէ ոչ միայն լաւ գործել, այլեւ պիտի ապահովէ նոր որակ: Որպէս հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ` ես հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ կարճ ժամանակի մէջ նոր գործադիր տնօրէնի գլխաւորութեամբ կառոյցը մշակէ ծրագիր, որու շնորհիւ հիմնադրամի աշխատանքները հասցնենք աւելի բարձր մակարդակի, որ պիտի նպաստէ քանի մը ամիսներու խափանուած գործունէութիւնը վերականգնելուն»,- ըսած է ՀՀ նախագահը:
Ան աւելցուցած է, որ չէր ցանկար իր այցելութիւնը Արցախ առանձնացնել որպէս հերթական պաշտօնական այց: «Ամէն անգամ Արցախ գալով` ես զայն կը բացայայտեմ նորովի: Ինչ-որ իմաստով ես տուն կու գամ: Այս անգամ այցելած եմ կնոջս հետ եւ մասնակցած Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Բերքի տօն»-ին: Ես այստեղ ոչ միայն տեսայ աշխատաւոր մարդու վաստակածը, այլեւ համտեսեցի արցախեան բերք ու բարիքը: Գտնուելով Շուշիի կերպարուեստի թանգարան, որ կարճ ժամանակի մէջ շատ մեծ նկարներու հաւաքածու ունի, որ կը ներկայացնէ տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ տարբեր նկարիչներու աշխատանքները, կ՛ուզեմ ըսել, որ սա ճարտարապետական արժէք հանդիսացող կառոյց է, եւ ուրախալի է, որ այստեղ յաճախ տեղի կ՛ունենան դասական երաժշտութեան համերգներ»,- նշած է նախագահ Սարգսեան:
