Երեւանի Մէջ Պիտի Տեղադրուի «Մատեան Ողբերգութեան» Յուշարձանը
«Վերածնունդ» մշակութային եւ զարգացման հիմնադրամը յայտարարած է քանդակագործութեան մրցոյթ` նուիրուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» քերթուածին:
«Մայրաքաղաքի սրտին մէջ` Կաթողիկէ Ս. Աստուածածին եւ յարակից նորակառոյց Ս. Աննա եկեղեցիներու բակին մէջ տեղադրուելիք յուշարձանը պիտի դառնայ ազատութեան, հոգեւորի եւ աշխարհիկի իւրօրինակ ամբողջութիւն», – ըսուած է հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ:
Մրցոյթին կրնան մասնակցել քանդակագործներ ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Մասնակցութեան յայտերը կ՛ընդունուին Հոկտեմբեր 13-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1:
Մրցոյթի մանրամասնութիւնները հասանելի են http://competition.narekatsi.com/ կայքին մէջ:
