ԵԽԽՎ-ի Մէջ ՀՀ Պատուիրակութիւնը Կանխած է Մեծամորի Հիւլէակայանը Փակելու Ատրպէյճանական Ջանքերը
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին՝ Հայաստանի պատուիրակութիւնը կանխած է Մեծամորի հիւլէակայանի գործունէութիւնը դադրեցնելու ատրպէյճանական ջանքերը: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար, ԱԺ փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:
«ԵԽԽՎ հոկտեմբերեան նստաշրջանին ընթացքին ընդունուեցաւ «Միջուկային անվտանգութիւնը Եւրոպայի մէջ» բանաձեւը։ Բանաձեւին նպատակն էր սահմանել այն քայլերը, որոնք անդամ պետութիւնները պէտք է իրագործեն Եւրոպայի մէջ հիւլէակայեաններու անվտանգութեան բարձրացման եւ պատահարներու կամ ահաբեկչական գործողութիւններու պարագային վտանգի նուազեցման համար։ Առանցքային էր նաեւ, որ այս բանաձեւով Վեհաժողովը պահանջ կը ներկայացնէ բելառուսական իշխանութիւններուն չգործարկելու Լիթվիայի մայրաքաղաք Վիլնիւսէն ընդամէնը 45 քմ հեռաւորութեան վրայ կառուցուող Օսդրովեցի հիւլէակայանը, մինչեւ անիկա չհամապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն։ Այս բանաձեւին առնչութեամբ՝ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը կը փորձէր ներառել ձեւակերպումներ Մեծամորի հիւլէակայանի գործունէութեան դադրեցման համար։ Չյաջողեցաւ՝ կանխեցինք»,- գրած է Յովհաննիսեան:
ԱԺ փոխնախագահը նաեւ նշած է, որ ԵԺԿ խումբին մէջ կանխած է Հայաստանի հարցով ոչ անաչառ տրամադրութիւններով համազեկուցողի նշանակումը:
«Օրակարգը ոչ միայն յագեցած էր լիագումար նիստերու դահլիճին մէջ, այլ նաեւ քաղաքական խումբերուն մէջ։ Այս առումով ԵԺԿ խումբին մէջ կրցայ կանխել Հայաստանի հարցով ոչ անաչառ տրամադրութիւններով համազեկուցողի նշանակումը։ Իբրեւ արդիւնք՝ ԵԺԿ խումբին կողմէ նշանակուած նոր համազեկուցողն է սլովենացի Անտրէ Շիրչելը»,- գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
