Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Տեղի Ունեցաւ Կալա-երգահանդէս Նուիրուած՝ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Գագաթնաժողովին
Երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կալա համերգը: Համերգի եզրափակիչ հատուածը նուիրուած էր աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին: Համերգին ներկայ գտնուած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին համար Երեւան հասած երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներն ու անդամները:

