
ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Ուսուցիչի Օրուան Առիթով
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ուսուցիչի օրուան առիթով: ՀՀ նախագահի գրասենեակին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Սիրելի՛ ուսուցիչներ,
Ձեզի նուիրուած այսօրուան տօնը բոլորինս է, տօն, որուն մէջ երազանք ու իրականութիւն կայ, երախտագիտութիւն ու յարգանք, ամփոփուած մէկ՝ Ուսուցիչ բառի մէջ:
Ուսուցիչը ոչ միայն յատուկ դեր, այլեւ առանձնայատուկ տաղանդ ունի՝ իր վրայ վերցնելու սորվեցնողի, բացայայտողի, դաստիարակողի պատասխանատւութիւնն ու դառնալու մեր կեանքի կարեւորագոյն գործող անձերէն մէկը:
Միջանկեալ գործողութիւններ կատարող գրատախտակները, ելեկտրոնային գիրքերը չեն կրնար ուսումն ու դպրոցը աւելի գրաւիչ դարձնել, եթէ չկայ այն Ուսուցիչը, որ կրնայ հետաքրքրութիւն առաջացնել աշակերտի մէջ, որ կրնայ օգնել անոր՝ ճանչնալու աշխարհը:
Որքան ալ արագ փոփոխուի կեանքը, որքան ալ զարգանան արհեստագիտութիւնները, ցանկացած տարիքի բոլորս Ուսուցիչի կարիք ունինք, այն Ուսուցիչի, որուն խօսքը ուղղած է մեր միտքը, որուն տուած գիտելիքը դարձած է առաջնորդող ուժ եւ մեզի օգնած է նոյնպէս առաջնորդ դառնալու, առաջնորդ՝ մտածելու եւ գործելու, առաջնորդ՝ աշխատելու եւ պայքարելու, եւ ի հարկէ, առաջնորդ՝ առաջնորդելու առումով:
Այսօրուան Հայաստանի մէջ հասարակութիւնը կը սպասէ մեծ փոփոխութիւններ, որ կ՝արտայայտուի նաեւ գաղափարներու, ուսման նպատակներու, սպասումներու մէջ:
Սիրելի՛ մանկավարժներ,
Ձեզի բախտ վիճակուած է ըլլալու նոր ժամանակներու Ուսուցիչը, որմէ աւելի մեծ են ակնկալիքները, որուն աշակերտները աւելի պահանջկոտ են, որուն տուած գիտելիքը աւելի պահանջարկուած է:
Ուսուցիչը իբրեւ կոչում կը շարունակէ ըլլալ առանձնայատուկ: Այդպիսին ալ պէտք է մնայ մեր՝ աշակերտներուս վերաբերմունքը ձեր՝ ուսուցիչներուդ հանդէպ:
Կը շնորհաւորեմ ձեզ այսօրուան լուսառատ տօնին առիթով:
Առողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ ամենայն բարիք ձեզ եւ ձեր ընտանիքներուն»: